2014-03-25 10:39:00

Ուսումնաժողով`''Ընտանիքի դերը բնապահպանութեան ի խնդիր''։


Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը, յառաջիկայ 29 մարտ 2014ին, Հռոմի մէջ կազմակերպած է ուսումնաժողով մը ''ընտանիքը պահակը արարչագործութեան'' նիւթին մասին, նախագահութեամբ գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիայի` նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։ Հաւաքին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը բարձրաստիճան գիտնականներու եւ աստուածաբաններու։
Իսկ երեքշաբթի 25 մարտի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, գերապայածառ Վինչէնցօ Փալիա եւ գերապայծառ Շարլ Ժոզէֆ Շաբիւ կը ներկայացնեն ''ընտանիքի համաշխարհային 8-րդ օրը'' որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2015-ի` 22 – 27 սեպտեմբեր, Ֆիլատելֆիայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.